Մարզական

Մեսսի Գերազանցեց Փելէի Մրցանիշը

Մեսսի Գերազանցեց Փելէի Մրցանիշը

Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի 33 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մէկ ակումբի հետ նշանակած իր կոլերուն քանակով գերազանցեց պրազիլցի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի մրցանիշը: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 15-րդ հանգրուանին, Մեսսի, որ Ռէալ Վայատոլիտի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-0) նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը, այսպիսով քաթալոնական ակումբին հետ նշանակած եղաւ իր 644-րդ կոլը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Փելէի, որ 1956-1974 տարիներուն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Գործող Ախոյեան Լէյքըրզ  Նոր Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

«Էն. Պի. Էյ.» Գործող Ախոյեան Լէյքըրզ Նոր Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբերին սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը, երբ կատարուեցան բացման երկու մրցումներ: Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ, երբ իր դաշտին վրայ, 116-109 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դիմաց: Յաղթական կազմէն, Փոլ Ճորճ նշանակեց 33 կէտ, մինչ Լէյքըրզի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լեպրոն Ճէյմզ (22): Երէկուան երկրորդ մրցումին, Պրուքլին...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Հայկ Թապագեան  Ընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Հայկ Թապագեան Ընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի գլխաւորած ցանկը ամբողջութեամբ (15-0), որուն մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Հայկ Թապագեան: Մանրամասնութիւնները` վաղուան մարզական էջով:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Կատարուեցաւ 2020 Տարուան  Մրցանակաբաշխութիւնը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կատարուեցաւ 2020 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց 2020 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր անոնց, որոնք մրցանակային դիրքեր գրաւած էին տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին: Նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը տակաւին կը շարունակէ աշխարհի տարածքին մարդոց կեանքերը վտանգել, այս մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ չորս փուլով` խճողում չյառաջացնելու համար մրցանակակիրներուն մօտ: Կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, յոյս...

Ճատրակ.  Կարէն Գրիգորեանի Տպաւորիչ  Ելոյթը` Սպանիոյ Մէջ

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեանի Տպաւորիչ Ելոյթը` Սպանիոյ Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող «Սանուէյ Սիթկես Ինթըրնեշընըլ Չես Ֆեսթիվալ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, այժմ յառաջատարներէն ետ կը մնայ մէկ կէտով: 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ ան ապահոված է 5,5 կէտ եւ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը: Յառաջատարները ունին 6,5-ական կէտ: Ան 8-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթեց չիլիցի իր մրցակիցին: Նախորդ 12...

Թենիս.  Նատալ Ստացաւ «Տարուան  Ազնուական Մարդու» Մրցանակը

Թենիս. Նատալ Ստացաւ «Տարուան Ազնուական Մարդու» Մրցանակը

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ ստացաւ Սթեֆան Էտպերկի անուան «Տարուան ազնուական մարդու» մրցանակը, այս մասին յայտնեց Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անկէ բացի, տիտղոսին թեկնածուներուն կարգին էին նաեւ արժանթինցի Տիեկօ Շվարցման, աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ եւ աւստրալիացի Ճոն Միլման: Նշենք, որ 34 տարեկան Նատալ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին չորրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Նախկին...

Պրազիլական Ֆութպոլ.  17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւնը  Աւարտեցաւ Մեծ Կռիւով Մը

Պրազիլական Ֆութպոլ. 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ Մեծ Կռիւով Մը

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ լայնօրէն անդրադարձաւ Պրազիլի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, որուն ընթացքին մեծ կռիւ մը ծագեցաւ Ֆլումինենսէի եւ Աթլեթիքօ Փարանայենսէի ֆութպոլիստներուն միջեւ: Մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Ֆլումինենսէ` 2-1 արդիւնքով: Անոր աւարտէն ետք, Աթլեթիքոյի յետսապահ Ժոաու Կապրիել ոտքով հարուածեց Ժոաու Նեթուին: Այս միջադէպէն ետք, 9 ֆութպոլիսներ կարմիր քարտ ստացան: Անոնց կարգին էր Ֆլումինենսէի ֆութպոլիստին հարուածողը:  

Մեսսի Ստացաւ «Լա Լիկա»-ի  Լաւագոյն Ռմբաձիգի Մրցանակը

Մեսսի Ստացաւ «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյն Ռմբաձիգի Մրցանակը

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի ստացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի լաւագոյն ռմբաձիգի մրցանակը, այս գծով յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Լա Լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանին, 33 տարեկան ֆութպոլիստը նշանակեց 25 կոլ: Նշենք, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Մեսսի 7-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցանակին:

«ՖԻՖԱ».  Պլեթըր Կրնայ Դատավարութեան  Կանչոիլ

«ՖԻՖԱ». Պլեթըր Կրնայ Դատավարութեան Կանչոիլ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, զուիցերիական Ցիւրիխ քաղաքի դատախազութենէն պահանջեց դատի կանչել կազմակերպութեան նախկին նախագահ, զուիցերիացի Ժոզեֆ Պլեթըրը: Անկախ փորձառու մասնագէտներուն հետաքննութեան արդիւնքէն, մէջտեղ եկած են փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն անոր կողմէ կատարուած խարդախութիւններն ու կեղծիքները: Նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ի համաշխարհային ֆութպոլի թանգարանին նախագիծը Պլեթըրի նախագահութեան օրերուն գնահատուած է 462 միլիոն եւրոյով, սակայն շէնքին վերակառուցման ծախսը կազմած է 129 միլիոն եւրօ: Այդ...

Իքեր Քասիաս Վերադարձաւ  Ռէալ Մատրիտ

Իքեր Քասիաս Վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտ

Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի բերդապահ Իքեր Քասիաս նշանակուեցաւ արքայական ակումբի հիմնադրամի փոխտնօրէն, յայտնեց Ռէալի պաշտօնական կայքը: «Քասիաս մեր ակումբին անուանի ֆութպոլիստներէն մէկն է, որուն հետ ակումբը բազմաթիւ յաջողութիւններու հասած է` իր կողքին ունենալով ակումբին պատմութեան լաւագոյն բերդապահներէն մէկը: «Ռէալ Մատրիտ հպարտ է, որ ակումբին պատմութեան մեծագոյն խմբապետներէն մէկը վերադարձաւ տուն», նշուեցաւ մայրաքաղաքի կազմին հրապարակած հաղորդագրութեան...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Լիբանանի Աղջկանց 19 Տարեկանէն Վար  Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Լիբանանի Աղջկանց 19 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Երէկ` յետմիջօրէին, Լիբանանի աղջկանց 19 տարեկանէն վար ազգային խումբը, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում դաշտին տիրոջ 19 տարեկանէն վար իր հասակակիցներուն դէմ, 23 եւ 26 դեկտեմբերին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը վերադառնայ 27 դեկտեմբերին: Նշենք, որ ազգային խումբին մարզիչն է ՀՄԸՄ-ական Յակոբ Տեմիրճեան:

Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին.  ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան Իր Երրորդեակ  Զաւակներուն Հետ Մասնակցեցաւ  Եզակի Մարաթոնի Վազքի Մրցումին

Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին. ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան Իր Երրորդեակ Զաւակներուն Հետ Մասնակցեցաւ Եզակի Մարաթոնի Վազքի Մրցումին

Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը, ազնիւ գաղափար մը ունեցաւ կազմակերպելու իր տեսակին մէջ եզակի եւ ձեւով մըն ալ «անձնական» մարաթոնի վազքի մրցում մը, որուն ընթացքին մարզիկները վազեցին իրենց բնակած շրջաններուն մէջ, իրենց նախընտրած երկարութեամբ, 5 քմ-էն սկսելով եւ հասնելով մինչեւ 21 քմ-ի: Մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 20 դեկտեմբերին, լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ: Ապա, մասնակիցները իրենց լուսանկարները ուղարկեցին կազմակերպիչ միութեան: Վերջինս յառաջիկային մրցումին...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Բաժակի Մրցաշարքին  Կը Մասնակցին 7 Խումբեր

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Բաժակի Մրցաշարքին Կը Մասնակցին 7 Խումբեր

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ա. լիկայի բոլոր խումբերը, բացի` Սուփըրսոնիքսէն: Անիկա միայն մեկնարկի մրցումին պիտի մասնակցի, բայց յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն պիտի չմասնակցի: Ասիկա կը նշանակէ, որ մասնակցող խումբերը պիտի ըլլան եօթը: Մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Մետ Ֆոքսըս-Կիլիկիա, Ուրարտու-«ՊԻ. ՔԷՅ. ԷՄ. ԷՅ.», Դուին- Էրեբունի, Վահանգնի Սիթի- Սուփըրսոնիքս...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Մաքթոմինէյի Մրցանիշը  Եւ Տպաւորիչ Վիճակագրութիւնը

Անգլիական Ֆութպոլ. Մաքթոմինէյի Մրցանիշը Եւ Տպաւորիչ Վիճակագրութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Օլէ-Կիւնար Սոլսքիարի գլխաւորած կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, 6-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Լիծ Եունայթըտի դէմ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Յաղթական կազմին 24 տարեկան սկովտիացի միջնապահ Սքոթ Մաքթոմինէյ, որ տուպլէ մը իրագործեց, մրցանիշ մը հաստատեց, որովհետեւ ան հանդիսացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ երկու կոլ կը նշանակէ մրցումին առաջին...

Իտալական Ֆութպոլ.  Ճենովա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իտալական Ֆութպոլ. Ճենովա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իտալական Ճենովայի մարզիչ Ռոլանտօ Մարան, երէկ պաշտօնազրկուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, այս գծով յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 57 տարեկան իտալացի մասնագէտը, որ այս տարի ամրան ստանձնած էր իր պաշտօնը, կնքած էր երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: Անոր գլխաւորութեամբ Ճենովայի այս տարեշրջանին արձանագրած արդիւնքները եղան բաւական ձախող` նկատի ունենալով, որ անիկա այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Անիկա վերջին...

Էրլինկ Հաալանտ` Նորվեկիոյ   Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Էրլինկ Հաալանտ` Նորվեկիոյ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ երէկ ճանչցուեցաւ Նորվեկիոյ 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 20 տարեկան ֆութպոլիստը գերազանցեց Ա. Սէ. Միլանին եւ Լայփցիկին մաս կազմող ֆութպոլիստները, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 8 մրցումի` նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ: Նշենք, որ քանի...

Լուքա Մոտրիչ 2 Շաբաթով  Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Լուքա Մոտրիչ 2 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին Էյպարի դէմ տեղի ունեցած մրցումը չկրցաւ շարունակել իր ստացած վնասուածքին պատճառով, 2 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Խրուաթ միջնապահը Բ. կիսախաղի կէսերուն վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Ռէալի բժիշկները յայտնեցին, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը այսպիսով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Կրանատայի եւ Էլչէի դէմ կատարուելիք «Լա Լիկա»-ի...

Իտալական Ֆութպոլ.  «Քալչիօ»-ի Պատմութեան  Ամէնէն Արագ Կոլը

Իտալական Ֆութպոլ. «Քալչիօ»-ի Պատմութեան Ամէնէն Արագ Կոլը

Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Ռաֆայէլ Լէաու նախորդ շաբաթավերջին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ մրցանիշի հեղինակ, այս մասին յայտնեց «ՕփթաՓաուլօ»: Արդարեւ, 21 տարեկան ֆութպոլիստը նշանակեց «Քալչիօ»-ի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը, երբ 7-րդ վայրկեանին ցնցեց Սասուոլոյի բերդին ուռկանը: Անոր կազմը արձանագրեց 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Փիաչենցայի նախկին ֆութպոլիստ Փաուլօ Փոչիի, որ...

Աւստրալիոյ Թենիսի Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք.  Բոլոր Մասնակցողները 14 Օրուան  Ինքնամեկուսացման Պիտի Ենթարկուին

Աւստրալիոյ Թենիսի Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք. Բոլոր Մասնակցողները 14 Օրուան Ինքնամեկուսացման Պիտի Ենթարկուին

Աւստրալիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները, պարտաւոր են 14 օրուան ինքնամեկուսացումի ենթարկուիլ, նախքան մրցաշարքին մեկնարկը տրուիլը: 14 օրուան ինքնամեկուսացման ընթացքին, մարզիկները իրաւունք պիտի ունենան օրական հինգ ժամ փորձ կատարելու: Բոլոր մասնակցողները «Քորոնա» ժահրի իրենց քննութիւնները պիտի կատարեն` Աւստրալիա մեկնելէ առաջ, ինչպէս նաեւ ինքնամեկուսացման ընթացքին 5 անգամ դարձեալ...

«Պի. Պի. Սի.» Տարուան Լաւագոյն  Մարզիկ Ճանչցաւ Լուիս Հեմիլթընը

«Պի. Պի. Սի.» Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ Ճանչցաւ Լուիս Հեմիլթընը

Անգլիական «Պի. Պի. Սի.»-ն տարուան լաւագոյն մարզիկ ճանչցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընը: Ամփոփելով մարզական տարին` «Պի. Պի. Սի.» երկրորդ լաւագոյն մարզիկը ընտրեց Լիվըրփուլի ֆութպոլիստ` Ճորտըն Հենտըրսընը: Նշենք, որ 35 տարեկան Հեմիլթըն նախորդ 15 նոյեմբերին 7-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:

Page 557 of 1279 1 … 556 557 558 … 1,279

Արխիւներ