«Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 127-91 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Մինեսոթա Վուլվզը:
Սակայն Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ կազմը` Քլիփըրզ, որ հիւրընկալեց Տալաս Մավըրիքսը, կրեց իր պատմութեան ամէնէն ծանր պարտութիւնը` 51 կէտի տարբերութեամբ, 124-73 արդիւնքով:
Տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Օրլանտօ Մեճիք, Ինտիանա Փէյսըրզ, Աթլանթա Հոքս (արեւելեան շրջան) եւ Օքլահոմա Սիթի (արեւմտեան շրջան) ցարդ կը մնան անպարտելի:
Նշենք, որ առաջին երեքը արձանագրած են երեքական յաղթանակ, մինչ մնացեալ երկուքը կատարած են աւելի քիչ մրցում: