Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ճանչցուեցաւ 2020 տարուան լաւագոյն թենիսմենը` աշխարհի 25 մեծագոյն եւրոպական լրատու գործակալութիւններուն կողմէ: Անոնց կարգին եղան «Ա. ԷՖ. ՓԷ», «ՏԻ. ՓԻ. ԷՅ.», «Ի. ԷՖ. ԷՅ.» եւ ուրիշներ:
Ճոքովիչ ապահովեց 85 կէտ, մինչ անկէ 13 կէտ նուազ ստացաւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 17 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Ճոքովիչ այս տարի տիրացաւ «Էյ. Թի. Փի.»-ի չորս տիտղոսներու, որոնց կարգին` Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան տիտղոսին` շահելով 6,4 միլիոն տոլարի մրցանակային գումար: