ՀՄԸՄ միշտ մնայուն եւ աշխուժ ներկայութիւն եղած է Լիբանանի մարզական եւ սկաուտական ֆետերասիոններու աշխատանքներուն մէջ: Թէեւ 2020 տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրին պատճառով մարզական եւ սկաուտական ֆետերասիոններու աշխատանքները շատ մը պարագաներու չեղեալ նկատուեցան, յետաձգուեցան եւ կամ արդի միջոցները օգտագործելով առցանց տեղի ունեցան, ՀՄԸՄ անխտիր իր մասնակցութիւնը բերաւ բոլոր աշխատանքներուն` կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ միշտ նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետ կապուած բոլոր նախազգուշական քայլերը:
Իսկ Լիբանանի մարզական ֆետերասիոններու ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան այս տարի` իրենց ճշդուած թուականներուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հետեւողական ու սերտ յարաբերութիւններուն շնորհիւ, ՀՄԸՄ-ի կիրարկած մարզաձեւերուն համար առաջադրուած թեկնածուները բոլորն ալ յաջողեցան եւ ստանձնեցին զանազան հիմնական եւ պատասխանատու պաշտօններ:
Ցարդ կատարուած ֆետերասիոններու ընտրութիւններուն ՀՄԸՄ ունի 10 ներկայացուցիչներ 8 ֆետերասիոններու մէջ` պահելով իր ներկայութիւնը բոլոր այն ֆետերասիոններուն մէջ, ուր ան արդէն իսկ ներկայացուցիչներ ունէր, առաւե՛լ` յաջողեցաւ նաեւ ներկայացուցիչ ունենալ նորաստեղծ MMA-ի (մարտարուեստ) ֆետերասիոնին մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անունները`
– Հեծելարշաւի ֆետերասիոն` Վաչէ Ծատուրեան (նախագահ), Արտա Զէյթունլեան (ընդհանուր քարտուղար) եւ Նազօ Հապիպեան (հաշուապահ)
– Աթլեթիզմի ֆետերասիոն` Մարիա Գէորգեան (գանձապահ)
– Ուու շու – Քոնկ Ֆուի ֆետերասիոն` Սագօ Դարբինեան
– Թրիաթլոնի ֆետերասիոն` Կարէն Արաբկիրլեան (գանձապահ)
– MMA-ի (մարտարուեստ) ֆետերասիոն` Վարուժան Քէշիշեան
– Ճատրակի ֆետերասիոն` Էլի Հուլիշեան
– Փինկ փոնկի ֆետերասիոն` Րաֆֆի Մումջողլեան (Ա. փոխնախագահ)
– Պասքեթպոլի ֆետերասիոն` Հայկ Թապագեան
Պէտք է յիշել, թէ ֆութպոլի եւ սկաուտական ֆետերասիոններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի, իսկ ֆետերասիոններու ընտրութիւններու աւարտին պիտի կատարուի Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւնը:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ