Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Շանթ Սարգսեան հանդիսացաւ արագ ճատրակի աշխարհի պատանեկան առցանց ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:
Հայրենի կրանտմասթըրը, որ աւարտականին մրցեցաւ հնդիկ Սարին Նիհալի դէմ եւ կրեց 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Սարգսեան, որ ՖԻՏԷ-ի կրանտմասթըրի իր կոչումը ստացաւ 2019-ին, հոկտեմբեր 2018-ին հանդիսացաւ 16 տարեկանէն վար աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեան` առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 9 կէտ: