Աթլեթիքօ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց չշարունակել համագործակցութիւնը ակումբի սպանացի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Մարքա»:
Մատրիտեան ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկէ 32 տարեկան իր յառաջապահին, որուն պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021:
Նոյնիսկ նշուեցաւ, որ Տիեկօ Քոսթա կրնայ հեռանալ իր ակումբէն, յունուար 2021-ին, մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին:
Ան Աթլեթիքօ վերադարձաւ 2018-ին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 7 մրցում` նշանակելով 2 կոլ: