Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուելիք Էվըրթըն- Մանչեսթըր Սիթի մրցումը յետաձգուեցաւ: Անիկա սկզբունքով պիտի կատարուէր երէկ:
Նշուեցաւ, որ ատոր պատճառը «Քորոնա» ժահրն էր` նկատի ունենալով, որ մանչեսթըրեան ակումբին քանի մը ֆութպոլիստներուն եւ պատասխանատուներուն մօտ վերոնշեալ ժահրով վարակումներ ի յայտ եկած են:
Սակայն Մանչեսթըր Սիթի այդ վարակուածներուն անունները չնշեց: