Անցեալի անուանի բերդապահ Խոսէ Լուիս Չիլավերթ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ Փարակուէյի նախագահական ընտրութեան:
55 տարեկան փարակուէյցին արդէն իսկ ներկայացուցած է իր նախընտրական պաստառը, թէեւ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2023-ին:
Չիլավերթ ֆութպոլի պատմութեան մէջ միակ բերդապահն է, որ տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին նշանակած է 3 կոլ, երեքն ալ… փենալթիով:
Նշենք, որ 1989-էն 2003 ան մաս կազմած է Փարակուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ անոր հետ իր ունեցած 74 ելոյթներուն ընթացքին նշանակած է 8 կոլ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան տարբեր ակումբներու հետ կատարած է ընդամէնը 617 մրցում եւ նշանակած 46 կոլ. ամէնէն շատը` Վելես Սարսֆիլտի հետ (36 կոլ):