Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ» մրցանքին գծով տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքը:
Ապահովելով 133 կէտ` Հայաստանի 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ան 10-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Ղազախական Ասթանայի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան գրաւեց երկրորդ դիրքը (79 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց սլովաքիական Ժիլինայի միջնապահ Վահան Բիչախչեան (25 կէտ):
Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն մարզիչի մրցանակին, ատոր տիրացաւ ազգային հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս (134 կէտով):
Երկրորդ դիրքը 50 կէտով գրաւեց Արարատ-Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան (48 կէտով):