Մարզական

Ճատրակ.  Հայաստանի Պատանիներու Ախոյեանութեան  Կը Մասնակցին 116 Ճատրակ Խաղացողներ

Ճատրակ. Հայաստանի Պատանիներու Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին 116 Ճատրակ Խաղացողներ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ սկսած Հայաստանի պատանիներու եւ աղջիկներու 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 116 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ: Ախոյեանութիւնը կը կատարուի 11 դասակարգի մրցումներով: Նշուեցաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենան 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները: 10 եւ 12 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան կը մասնակցին 12-ական խաղացողներ: Միւս դասակարգերուն...

Սոլսքիար. «Մարթիալի Համար  Տարեշրջանը Աւարտեցաւ»

Սոլսքիար. «Մարթիալի Համար Տարեշրջանը Աւարտեցաւ»

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի յառաջապահ Էնթընի Մարթիալ ծունկի վնասուածքի պատճառով շատ հաւանաբար այս տարեշրջանին դարձեալ չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այս մասին յայտնեց ակումբի մարզիչ Օլէ-Կունար Սոլսքիար: «Դժբախտաբար, անոր ծունկին ստացած վնասուածքը բաւական լուրջ է: Ան այս տարեշրջանին դժուար թէ կարենայ դաշտ ներկայանալ: Անոր կորուստը բաւական ծանր պիտի ազդէ մեր կազմին», Սոլսքիարի խօսքերը մէջբերեց «Սքայ Սփորց»: Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին «Փրեմիեր...

Պարսելոնա Մեսսիին Առաջարկեց  Նոր Պայմանագիր, Սակայն`  Աշխատավարձի Կրճատումով

Պարսելոնա Մեսսիին Առաջարկեց Նոր Պայմանագիր, Սակայն` Աշխատավարձի Կրճատումով

Պարսելոնայի նորընտիր նախագահ Խուան Լափորթա նոր պայմանագիր մը առաջարկեց ակումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսիին, սակայն` աշխատավարձի կրճատումով, այս մասին յայտնեց «Մունտօ-Տեփորթիւօ»: Քաթալոնական ակումբին ղեկավարութիւնը 33 տարեկան ֆութպոլիստին խոստացաւ տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարումէն ետք բաձրացնել աշխատավարձը: Մեսսիին առաջարկուեցաւ նաեւ ստանձնել ակումբին դեսպանի պաշտօնը` ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ ետք: Իր կազմին մէջ պահելու համար Մեսսին, Լափորթա պատրաստ է նաեւ ամէն գնով իրականացնելու, Պորուսիա...

Հերթա Պերլինի Կազմը` Մեկուսացումի Մէջ.  Անոր Կատարելիք Երեք Մրցումները Յետաձգուեցան

Հերթա Պերլինի Կազմը` Մեկուսացումի Մէջ. Անոր Կատարելիք Երեք Մրցումները Յետաձգուեցան

Պունտըսլիկայի կազմերէն Հերթա Պերլինի ամբողջ խումբն ու մարզիչներու կազմը մեկուսացումի մէջ են, խումբին մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու պատճառով, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ դրական պատասխան տուած են ակումբի գլխաւոր մարզիչ Փալ Տարտայի, անոր օգնականին, ինչպէս նաեւ քանի մը մարզիկներու քննութիւններուն արդիւնքները: Գերմանական ակումբը ինքնամեկուսացումի մէջ պիտի մնայ մինչեւ 28 ապրիլ: Ակումբը Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնէն խնդրեց յետաձգել...

Պենզեմա Իր Պայմանագրութիւնը  Պիտի Երկարաձգէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Պենզեմա Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Երկարաձգէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա շատ հաւանաբար մօտիկ ապագային իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական «Մարքա» անուանի մարզաթերթը: Նշուեցաւ, որ երկու կողմերը այժմու գործող պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգեն մինչեւ 2023: Կ՛ակնկալուի, որ պայմանագրութիւնը ստորագրուի յառաջիկայ մէկուկէս ամսուան ընթացքին, այսինքն նախքան այս տարեշրջանի աւարտը:

Լիբանան Կը Մասնակցի «Ֆիպա Իսփորթց Օփըն-3 2021»  Միջազգային Առցանց Պասքեթպոլի Մրցաշարքին

Լիբանան Կը Մասնակցի «Ֆիպա Իսփորթց Օփըն-3 2021» Միջազգային Առցանց Պասքեթպոլի Մրցաշարքին

Մասնակցութեամբ աշխարհի չորս ծագերէն 60 երկիրներու պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբերուն, այսօր` ուրբաթ, 16 ապրիլին, մեկնարկը կը տրուի «ՖԻՊԱ Իսփորթց Օփըն-3 2021»-ի պասքեթպոլի առցանց մրցաշարքին, որ կազմակերպուած է Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն. Թարեք Ապպուտ (ազգային խումբի նախագահ), Ուաէլ Անքունի (մարզիչ), Ժորժ Ֆատել (խորհրդական), ինչպէս նաեւ մարզիկներ Շատի Ապու Ֆարաժ (խմբապետ), Ճօ Հաքիմ, Ալի Անքունի, Ահմետ...

Ըմբշամարտ.  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցող  Հայաստանի Հաւաքականին Կազմերը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցող Հայաստանի Հաւաքականին Կազմերը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը երէկ հրապարակեց Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն անուանացանկերը: Հայաստանի հաւաքականները այս ախոյեանութեան հանդէս պիտի գան հետեւեալ կազմերով. Ազատ ոճի ըմբշամարտ. Գէորգ Թադէոսեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ): Յունահռոմէական ըմբշամարտ. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ), Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Մալխաս...

Ճատրակ.  Արթուր Դաւթեան Նովի Սատի  Մրցաշարքին Գրաւեց 2-րդ Դիրքը

Ճատրակ. Արթուր Դաւթեան Նովի Սատի Մրցաշարքին Գրաւեց 2-րդ Դիրքը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ, Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ ճատրակի «Թըրտ Սաթըրտէյ Միքս-200» միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 6 կրանտմասթըրներ եւ 7 միջազգային վարպետներ: Այս մրցաշարքին բաւական յաջող արդիւնքներ արձանագրեցին, Հայաստանի պատանի ճատրակ խաղացողներ Արթուր Դաւթեանն ու Մամիկոն Ղարիբեանը: Առաւելագոյն 10 կէտէն 7 կէտ ապահովելով` 2-րդ...

Ասթանա Կը Պատրաստուի Ծախելու  Տիգրան Բարսեղեանը

Ասթանա Կը Պատրաստուի Ծախելու Տիգրան Բարսեղեանը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ասթանայի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան շատ հաւանաբար մօտիկ ապագային հեռանայ ղազախական ակումբէն, այս մասին երէկ յայտնեց ղազախական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ մաս կազմել եւրոպական աւելի զօրաւոր ախոյեանութեան մը: Ասկէ բացի, Բարսեղեան նաեւ դժգոհ է բաւական ուշ վճարուող աշխատավարձերէն: Պահը յարմար գտնելով, մայրաքաղաքի կազմը կ՛ուզէ ծախել իր ֆութպոլիստը` անոր փոխանցումէն կոկիկ գումար մը...

Հայաստան-Շուէտ Մրցումը  Տեղի Պիտի Ունենայ «Ֆրենտծ-Արենա»-ի Մէջ

Հայաստան-Շուէտ Մրցումը Տեղի Պիտի Ունենայ «Ֆրենտծ-Արենա»-ի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Շուէտ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սթոքհոլմի մէջ գտնուող «Ֆրենտծ-Արենա»-ի մարզադաշտին վրայ: 5 յունիսին տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:45-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: 2017-ին այս մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումը, Այաքս Ամսթերտամի (նետերլանտներ) եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջեւ: 2012-ին շինուած այս մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել շուրջ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Նոա Յաղթեց Արարատին,  Իսկ Արարատ-Արմենիա` Շիրակին

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա Յաղթեց Արարատին, Իսկ Արարատ-Արմենիա` Շիրակին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արարատ, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Նոան, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ անիկա սկիզբը կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով: Նոա, որ ցարդ կատարած է 17 մրցում, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի  28 կէտ` Արարատ-Արմենիայի եւ Արարատի նման: Արարատ-Արմենիա երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց Աւանի ֆութպոլի...

Թենիս. Մոնթէ Քարլոյի Մրցաշարք.  Նովաք Ճոքովիչ Պարտուեցաւ  33-րդ Դասուած Իվընզէն

Թենիս. Մոնթէ Քարլոյի Մրցաշարք. Նովաք Ճոքովիչ Պարտուեցաւ 33-րդ Դասուած Իվընզէն

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ դուրս մնաց Մոնթէ Քարլոյի թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային բաց մրցաշարքէն: Բ. հանգրուանի մրցումներուն ան պարտութիւն մը կրեց միջազգային դասաւորման մէջ 33-րդ դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Տանիել Իվընզէն` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով: Յաջորդ հանգրուանին Իվընզի մրցակիցը պիտի ըլլայ պելճիքացի Տաւիտ Կոֆին, որ 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Ալեքսանտր...

Մեսսի Օգնեց, Որպէսզի «Քորոնա»-ի Դէմ  50 Հազար Պատուաստ Գնուի

Մեսսի Օգնեց, Որպէսզի «Քորոնա»-ի Դէմ 50 Հազար Պատուաստ Գնուի

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի ցուցաբերած կարեւոր օժանդակութեան, որպէսզի «Քորոնա» ժահրին դէմ 50 հազար պատուաստ գնուի: Չինական «Սինովաք»-էն ձեռք բերուած այդ 50 հազար պատուաստը, նախատեսուած է Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլիստներուն համար, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին: Կը նախատեսուի, որ այդ պատուաստէն բաժին հանուի նաեւ Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող...

Օպամեյանկ Վարակուեցաւ Մալարիայով

Օպամեյանկ Վարակուեցաւ Մալարիայով

Արսենալի յառաջապահ Փիեռ Էմերիք Օպամեյանկ երէկ գիշեր իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Սլաւիա Փրակա-Արսենալ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին: Ան յայտնեց, որ ինք այս մրցումէն բացակայեցաւ` նկատի ունենալով, որ վարակուած է Մալարիայով: Ֆութպոլիստը նշեց, որ Մալարիայով վարակուեցաւ, երբ Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հաւաք մը կը կատարէր: Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց հիւանդանոցէն, ուր կ՛ենթարկուի յատուկ բուժումի:  

Նէյմար Իր Պայմանագրութիւնը  Յառաջիկայ  Շաբաթավերջին Կրնայ Երկարաձգել

Նէյմար Իր Պայմանագրութիւնը Յառաջիկայ Շաբաթավերջին Կրնայ Երկարաձգել

Ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթավերջին Նէյմար համաձայն գտնուի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: Նշուեցաւ, որ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2027: Մայրաքաղաքի կազմին ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ պրազիլցիին պայմանագրութեան երկարաձումը յաւելեալ առիթ մը պիտի տայ անոր խմբակիցին` Քիլիան Մպափէին, որ նոյն քայլին հետեւի: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, Նէյմար...

Ռաֆայէլ Վարան Մօտ Է  Ռէալ Մատրիտէն Հեռանալուն

Ռաֆայէլ Վարան Մօտ Է Ռէալ Մատրիտէն Հեռանալուն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան մօտ է Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուելուն, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստին եւ անգլիական ակումբին բանակցութիւնները կ՛ընթանան յաջողութեամբ: Արքայական ակումբին ղեկավարութիւնը այն կարծիքին է, որ պիտի չկարենայ երկարաձգել իր ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը: 2011-ին ֆրանսական Լանսէն փոխան 10 միլիոն եւրոյի Ռէալ Մատրիտին միացած...

Ռէյնճըրզի Յառաջապահը  4 Մրցումով  Կախակայուեցաւ

Ռէյնճըրզի Յառաջապահը 4 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Երէկ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն 4 մրցումով կախակայեց սկովտիական Կլասքօ Ռէյնճըրզի անգլիացի յառաջապահ Քեմար Ռուֆը, որ բիրտ խաղարկութիւն մը ունեցած էր չեխական Սլաւիա Փրակայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Եուրոփա Լիկ»): Սկովտիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին 62-րդ վայրկեանին ան ոտքով հարուածեց հիւր կազմին բերդապահին: Այս միջադէպէն ետք, երկու ֆութպոլիստներ ալ հեռացած էին դաշտէն: Անգլիացին ստացած էր կարմիր քարտ մը, մինչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 105-70 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը  Կրեց Իր Հիւրէն` Աթլասէն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 105-70 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Աթլասէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլասը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 105-70 արդիւնքով (21-27, 35-52, 47-82 եւ 70-105): Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, Աթլաս կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց նոյնիսկ մինչեւ 44 կէտի (93-49): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Զալլում (18): Իսկ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Իւրայատուկ Կարողութիւններ Ունեցող  Ֆութպոլիստներու Մրցաշարք

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Իւրայատուկ Կարողութիւններ Ունեցող Ֆութպոլիստներու Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան եւ զօրակցութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, «Թելընթց» ֆութպոլի ակադեմիան «Սթրայք Ֆորս» մարզադաշտին վրայ (Սին Էլ Ֆիլ) հիւրընկալեց ֆութպոլի իւրայատուկ կարողութիւններ ունեցող ֆութպոլիստները, որոնք յատուկ մրցաշարքի մը ընթացքին ցուցադրեցին իրենց ունեցած տարբեր տեսակի կարողութիւնները, որոնց կարգին` տրիպըլ, փենալթիի հարուած: Նշենք, որ կատարուեցան 9, 10, 11, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց դասակարգերու մրցումները: Իւրաքանչիւր դասակարգի...

Ֆութսալ.  Հայաստանի  Հաւաքականը 5-1 Արդիւնքով  Պարտուեցաւ Ֆրանսայէն

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը 5-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ֆրանսայէն

Երէկ` չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի 2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով, երբ խմբակներու դրութեամբ կատարուող վերջին հանգրուանի մրցումներուն հիւրը եղաւ Ֆրանսայի: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով: Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, իր կարգին Ֆրանսա եւս հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը` 5 կէտով: Հայաստան կէտով մը միայն...

Page 515 of 1279 1 … 514 515 516 … 1,279

Արխիւներ