Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արարատ, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Նոան, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ անիկա սկիզբը կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով:
Նոա, որ ցարդ կատարած է 17 մրցում, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 28 կէտ` Արարատ-Արմենիայի եւ Արարատի նման:
Արարատ-Արմենիա երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շիրակ Գիւմրիին:
Նշենք, որ ասիկա Հայաստանի գործող ախոյեանին առաջին յաղթանակն էր նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Անաթոլի Պայտաչնիի գլխաւորութեամբ: