Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան մօտ է Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուելուն, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստին եւ անգլիական ակումբին բանակցութիւնները կ՛ընթանան յաջողութեամբ:
Արքայական ակումբին ղեկավարութիւնը այն կարծիքին է, որ պիտի չկարենայ երկարաձգել իր ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը:
2011-ին ֆրանսական Լանսէն փոխան 10 միլիոն եւրոյի Ռէալ Մատրիտին միացած Վարանի փոխանցման այժմու արժէքը կը գնահատուի 70 միլիոն եւրոյով:
Ռէալ Մատրիտի հետ անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ` 30 յունիս 2022: