Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ սկսած Հայաստանի պատանիներու եւ աղջիկներու 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 116 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ:
Ախոյեանութիւնը կը կատարուի 11 դասակարգի մրցումներով:
Նշուեցաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենան 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները:
10 եւ 12 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան կը մասնակցին 12-ական խաղացողներ: Միւս դասակարգերուն մէջ, բացի` 18 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ, հանդէս կու գան` 10-ական խաղացողներ: 18 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ հանդէս կու գան 8 խաղացողներ:



