Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլասը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 105-70 արդիւնքով (21-27, 35-52,
47-82 եւ 70-105):
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, Աթլաս կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց նոյնիսկ մինչեւ 44 կէտի (93-49):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Զալլում (18):
Իսկ Աթլասէն 27 կէտ նշանակեց` Ամիր Քասսապ:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի չորրորդը:
Օրուան իրաւարարներն էին Զիատ Թաննուս, Քլոտ Ապի Ժըպրայէլ եւ Ճենիֆըր Ամմուրի:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Հուփս: