Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ասթանայի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան շատ հաւանաբար մօտիկ ապագային հեռանայ ղազախական ակումբէն, այս մասին երէկ յայտնեց ղազախական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ մաս կազմել եւրոպական աւելի զօրաւոր ախոյեանութեան մը:
Ասկէ բացի, Բարսեղեան նաեւ դժգոհ է բաւական ուշ վճարուող աշխատավարձերէն:
Պահը յարմար գտնելով, մայրաքաղաքի կազմը կ՛ուզէ ծախել իր ֆութպոլիստը` անոր փոխանցումէն կոկիկ գումար մը ձեռք ձգելու համար: