Միհրան Յարութիւնեան Ստացաւ «Ոսկիէ Խաչ» Շքանշան
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարզիկ Միհրան Յարութիւնեան յատուկ շքանշան մը ստացաւ Ռուսիոյ Հայերու միութեան կողմէ: «Այսօր ստացայ «ՈսկիԷ խաչ» շքանշանը Ռուսիոյ Հայերու միութեան կողմէ: Շնորհակալութիւն` այս յարգալիր ուշադրութեան համար: Սփիւռքը պէտք է կարեւոր դեր խաղայ Հայաստանի զարգացման մէջ, անոր ներուժը պէտք է օգտագործուի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: «Ներկայիս, դժբախտաբար, սփիւռքի ճամբան Հայաստանի համար դժուար է եւ շատ...




















