Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ, Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ ճատրակի «Թըրտ Սաթըրտէյ Միքս-200» միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 6 կրանտմասթըրներ եւ 7 միջազգային վարպետներ:
Այս մրցաշարքին բաւական յաջող արդիւնքներ արձանագրեցին, Հայաստանի պատանի ճատրակ խաղացողներ Արթուր Դաւթեանն ու Մամիկոն Ղարիբեանը:
Առաւելագոյն 10 կէտէն 7 կէտ ապահովելով` 2-րդ դիրքը գրաւեց եւ 12 կէտով իր անհատական վարկանիշը բարելաւեց Դաւթեան:
Իսկ Ղարիբեան, որ 6,5 կէտով գրաւեց 3-րդ դիրքը, 13 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը: