Արսենալի յառաջապահ Փիեռ Էմերիք Օպամեյանկ երէկ գիշեր իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Սլաւիա Փրակա-Արսենալ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին:
Ան յայտնեց, որ ինք այս մրցումէն բացակայեցաւ` նկատի ունենալով, որ վարակուած է Մալարիայով:
Ֆութպոլիստը նշեց, որ Մալարիայով վարակուեցաւ, երբ Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հաւաք մը կը կատարէր:
Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց հիւանդանոցէն, ուր կ՛ենթարկուի յատուկ բուժումի: