Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ դուրս մնաց Մոնթէ Քարլոյի թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային բաց մրցաշարքէն:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն ան պարտութիւն մը կրեց միջազգային դասաւորման մէջ 33-րդ դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Տանիել Իվընզէն` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:
Յաջորդ հանգրուանին Իվընզի մրցակիցը պիտի ըլլայ պելճիքացի Տաւիտ Կոֆին, որ 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին:
Իսկ 3-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրովին:
Նշենք, որ «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. Ռոլեքս Մոնթէ Քարլօ Մասթըրզ»-ի մրցաշարքին հիմնադրամը կը կազմէ 2,4 միլիոն եւրօ: