Երէկ` չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի 2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով, երբ խմբակներու դրութեամբ կատարուող վերջին հանգրուանի մրցումներուն հիւրը եղաւ Ֆրանսայի:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով:
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, իր կարգին Ֆրանսա եւս հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը` 5 կէտով: Հայաստան կէտով մը միայն գրաւեց 4-րդ եւ վերջին դիրքը:
Յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովեցին Ռուսիա եւ Վրաստան: