Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի յառաջապահ Էնթընի Մարթիալ ծունկի վնասուածքի պատճառով շատ հաւանաբար այս տարեշրջանին դարձեալ չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այս մասին յայտնեց ակումբի մարզիչ Օլէ-Կունար Սոլսքիար:
«Դժբախտաբար, անոր ծունկին ստացած վնասուածքը բաւական լուրջ է: Ան այս տարեշրջանին դժուար թէ կարենայ դաշտ ներկայանալ: Անոր կորուստը բաւական ծանր պիտի ազդէ մեր կազմին», Սոլսքիարի խօսքերը մէջբերեց «Սքայ Սփորց»:
Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն կատարեց 22 մրցում` նշանակելով 4 կոլ: