Մարզական

Թենիս.  Անտրէ Ռուպլեւ Շրջանցեց  Ռոժէ Ֆետերերը

Թենիս. Անտրէ Ռուպլեւ Շրջանցեց Ռոժէ Ֆետերերը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ` երկուշաբթի, 19 ապրիլին, հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց թենիսի միջազգային նոր դասաւորումը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի սերպ Նովաք Ճոքովիչ, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն ռուս Տանիիլ Մետվետեւ եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ: Ռուս Անտրէ Ռուպլեւ, Մոնթէ Քարլոյի թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային մրցաշարքի աւարտականին հասած ըլլալուն պատճառով, շրջանցեց զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը եւ բարձրացաւ 7-րդ...

Ճատրակ.  Յաւակնորդներու Մրցաշարքը Վերսկսաւ

Ճատրակ. Յաւակնորդներու Մրցաշարքը Վերսկսաւ

Երէկ` երկուշաբթի, 19 ապրիլին, Եքաթերինպուրկի մէջ (Ռուսիա) վերսկսաւ աշխարհի ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքը, որ նախորդ տարի 23 մարտին կիսատ մնացած էր` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Ցարդ կատարուած են եօթը հանգրուանի մրցումներ, եւ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուին Եան Նեփոմնիաչի եւ Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւ, որոնք ապահոված են 4,5-ական կէտ: Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 8 ճատրակ խաղացողներ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբը Պարտուեցաւ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Յաղթական

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբը Պարտուեցաւ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Յաղթական

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն իրարու դէմ մրցեցան հայկական երկու խումբեր` ՀՄԸՄ եւ ՀՄՄ: Տարիներ առաջ հայկական այս տերպիի մրցումը իր վրան կը կեդրոնացնէր բոլորին ուշադրութիւնը, եւ լիբանանեան մարզական մամուլը լայն անդրադարձ կ՛ունենար այս կարեւոր մրցումին: Այժմ սակայն, պարագաներու բերումով, անիկա գրեթէ մնացած է շուքի մէջ, եւ անոր մասին այդքան ալ շատ անդրադարձ չի կատարուիր: Յամենայն դէպս,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Հուփսէն Կրեց Տարեշրջանի  Իր 5-րդ Պարտութիւնը` 90-55 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հուփսէն Կրեց Տարեշրջանի Իր 5-րդ Պարտութիւնը` 90-55 Արդիւնքով

Աթլաս-Պէյրութ մրցումէն (PROFOTO) Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 18 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ հիւրը եղաւ Հուփսին, անկէ կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` 90-55 արդիւնքով (23-20, 49-36, 79-50 եւ 90-55): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսէն Ֆետի Մողարպել (19): Իսկ ՀՄԸՄ-էն 10-ական կէտ նշանակեցին Քարլ Զալլում եւ Քարիմ Ժատայել: Օրուան իրաւարարներն էին Ատել...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2020-2021 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2020-2021 Տարեշրջանը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը: Վաղը` երեքշաբթի, 20 ապրիլին կը կատարուին երկու մրցումներ: Հուփս ժամը 19:00-ին Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը, իսկ ժամը 19:30-ին Անդրանիկ Պէյրութ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Մըթայլեպին: Հինգշաբթի, 22 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս ժամը 20:00-ին,...

Հայաստանի Աղջկանց Պասքեթպոլ.  Աւարտականի Առաջին Մրցումին  Յաղթականը` «Լես Ֆոքսես»

Հայաստանի Աղջկանց Պասքեթպոլ. Աւարտականի Առաջին Մրցումին Յաղթականը` «Լես Ֆոքսես»

Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին իրարու դէմ մրցեցան «Լես Ֆոքսես» եւ «Երեւան Պասքեթ»: Մրցումին չորս քորթըրներուն ալ բացարձակ առաւելութիւն մը ունենալով` այս առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեց «Լես Ֆոքսես», 67-49 արդիւնքով: Այս հանդիպումին ընթացքին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նարինէ Կէօքչեան («Երեւան Պասքեթ»)` 25 կէտ: Երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ ախոյեան: Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շուտով պիտի հրապարակէ յաջորդ...

Ժիւտօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Ֆերտինանտ Կարապետեանի  Անյաջող Մասնակցութիւնը

Ժիւտօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ֆերտինանտ Կարապետեանի Անյաջող Մասնակցութիւնը

Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան, անյաջող մասնակցութիւն մը ունեցաւ Եւրոպայի ժիւտոյի վարկանշային ախոյեանութեան: Ան իր մրցումներուն սկսաւ 1-16-րդ աւարտականէն եւ առաջին ճակատումին յաղթեց Անտրիս Քոռնելի (Մոլտովա): Սակայն յաջորդ ճակատումին ան պարտուեցաւ Մուսա Մոկուշքովէն (Ռուսիա) եւ դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: Ներկայ դրութեամբ Կարապետեան այժմ ունի 1552 կէտ եւ իր քաշային կարգին (73...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը  Մեկնեցաւ Զուիցերիա

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Մեկնեցաւ Զուիցերիա

Երէկ` կիրակի, 18 ապրիլին, Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը մեկնեցաւ Զուիցերիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան: Հաւաքականը հայրենիք կը վերադառնայ 26 ապրիլին: Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան ըսաւ. «Հաւաքականի անդամներէն շատեր մետալի տիրանալու կարելիութիւն ունին: Մենք մրցասպարէզ կը մեկնինք 4-5...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Պարսելոնա Տիտղոսակիր` 31-րդ Անգամ Ըլլալով

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Տիտղոսակիր` 31-րդ Անգամ Ըլլալով

Շաբաթ, 17 ապրիլին, «Էսթատիօ Տը Լա Քարթուխա» մարզադաշտին վրայ (Սեւիլլա) տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Պարսելոնա եւ Աթլեթիք Պիլպաօ: Մրցումը աւարտեցաւ նետերլանտցի մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանի գլխաւորած կազմին` Պարսելոնայի յաղթանակով, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պիլպաոյեան կազմը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անթուան Կրիզման (60-րդ), Ֆրենքի Տը Եոնկ (63-րդ) եւ Լիոնել...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Չելսի Եւ Լայսթըր Սիթի Հասան Աւարտականին

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Չելսի Եւ Լայսթըր Սիթի Հասան Աւարտականին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի ճակատումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Չելսի եւ Լայսթըր Սիթի յաջողեցան ապահովել աւարտականի իրենց տոմսերը: Չելսի իր յաղթանակը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի դէմ` 1-0 արդիւնքով: Նոյն արդիւնքով, Լայսթըր Սիթի յաղթեց Սաութհեմփթընին: Ուշագրաւ էր, որ յաղթական երկու կազմերն ալ իրենց կոլերը նշանակեցին... 55-րդ վայրկեանին:  

Անգլիական Ֆութպոլ.  Շեֆիլտ Եունայթըտ  Փոխադրուեցաւ Ա. Դասակարգ

Անգլիական Ֆութպոլ. Շեֆիլտ Եունայթըտ Փոխադրուեցաւ Ա. Դասակարգ

Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուեցան հինգ մրցումներ: Ընդհանուր դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Շեֆիլտ Եունայթըտ, որ հիւրը եղաւ Վուլվզին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իր կրած այս պարտութեան պատճառով, Շեֆիլտ Եունայթըտ, որուն կէտերը մնացին 14, պաշտօնապէս փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ` ախոյեանութեան աւարտէն վեց հանգրուան առաջ: Յաղթական կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Նորուիչ Սիթի Բարձրացաւ Բարձրագոյն Դասակարգ

Անգլիական Ֆութպոլ. Նորուիչ Սիթի Բարձրացաւ Բարձրագոյն Դասակարգ

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Չեմփիընշիփ») 42-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նորուիչ Սիթի թէեւ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պուրնըմաութէն, սակայն յաջողեցաւ ապահովել բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սուանզի Սիթի, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ուայքոմպ Ուանտըրըրզի հետ, կորսնցուց իր յոյսերը` պարագլուխի դիրքը գրաւելու առումով: Ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան...

«Քալչիօ».  Եուվենթուս Եւ Ա. Էս. Ռոմա Պարտուեցան

«Քալչիօ». Եուվենթուս Եւ Ա. Էս. Ռոմա Պարտուեցան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ հիւրը եղաւ Աթալանթային, կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ անոր դաշտէն: Նշենք, որ Եուվենթուսէն բացակայեցաւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (վիրաւոր): Իր կարգին, այս հանգրուանի մրցումներուն Թորինոյի դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Ա. Էս. Ռոմա` 3-1 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմենի Բաւական  Դժուար Եւ Բախտաւոր Յաղթանակը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմենի Բաւական Դժուար Եւ Բախտաւոր Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք Տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Սենթ Էթիենը, յաջողեցաւ արձանագրել բաւական դժուար յաղթանակ մը` 3-2 արդիւնքով: Մինչեւ մրցումին 77-րդ վայրկեանը խումբերը չյաջողեցան կոլ նշանակել: Հիւր կազմին նշանակած կոլէն երկու վայրկեան ետք, 79-րդ վայրկեանին Քիլիան Մպափէ նշանակեց Սեն Ժերմենի հաւասարութեան կոլը, իսկ 87-րդ վայրկեանին` երկրորդը: Թէեւ Սենթ Էթիեն...

«Ֆորմիւլա-1».  2022-ի «Կրան Փրի»-ներէն Մէկը  Պիտի Կատարուի Մայեմիի Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». 2022-ի «Կրան Փրի»-ներէն Մէկը Պիտի Կատարուի Մայեմիի Մէջ

Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 2022-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի «կրան փրի»-ներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Մայեմի քաղաքին մէջ: «Ֆորմիւլա-1»-ի կազմակերպիչները նախորդ շաբաթավերջին տասը տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին հիւրընկալ քաղաքին հետ: Անոր կեդրոնը պիտի ըլլայ «Հարտ Ռոք Սթատիում»-ը: Այլ գետնի վրայ, երէկ` կիրակի, 18 ապրիլին տեղի ունեցաւ տարեշրջանի երկրորդ «կրան փրի»-ն, «Էնզօ Է Տինօ Ֆեռարի» (Իտալիա) վազքուղիին վրայ: Անիկա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը` Հուփս-ՀՄԸՄ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Հուփս-ՀՄԸՄ Մրցումը

Լուսանկար-Պէյրութ-Սաժես մրցումէն(PROFOTO) Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի 6-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին, վաղը` կիրակի, 18 ապրիլին: Այս հանգրուանի բացման մրցումին, յետմիջօրէի ժամը  16:00-ին, Աթլաս կը մրցի Պէյրութի դէմ, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ: Իսկ ժամը 19:30-ին, Հուփս կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ: Նշենք, որ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներէն, ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ-ՀՄՄ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Հատաս

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-ՀՄՄ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Հատաս

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի,18 ապրիլին, Նըժմէի դաշտին վրայ (Մանարա) իրարու դէմ կը մրցին ՀՄԸՄ եւ ՀՄՄ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 15:30-ին: Անցեալին հայկական երկու կազմերը իրարու դէմ կը մրցէին Ա. դասակարգին մէջ: Սակայն, անոնց արձանագրած արդիւնքները դառնալով ոչ համոզիչ, անոնք փոխադրուեցան Բ. եւ ապա Գ. դասակարգ: Կ՛ակնկալուի, որ հայկական զոյգ ակումբներն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Սաժես Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաժես Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 16 ապրիլին, Սաժես յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նահտա Պար Էլիասին, գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը` ապահովելով 31 կէտ եւ կէտով մը ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւած Սփորթինկէն, որ շաբաթ մը առաջ ապահոված էր Ա. դասակարգի իր տոմսը: Նշենք, որ Սաժես վեց տարեշրջան առաջ փոխադրուած էր Բ....

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի  Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտական Ճակատումը Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական ճակատումներ, մանաւանդ այն կազմերուն համար, որոնք կը պայքարին առաջնակարգ դիրքեր գրաւելու կամ խոյս տալու համար վտանգաւոր գօտիէն: Նշենք, որ Սպանիոյ մէջ, այսօր` շաբաթ, 17 ապրիլին, ժամը 22:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա...

Յունահռոմէական Ըմբշամարտ.  Հայաստան Չորս Մարզիկով Կը Մասնակցի  Սոֆիայի Վարկանշային Մրցաշարքին

Յունահռոմէական Ըմբշամարտ. Հայաստան Չորս Մարզիկով Կը Մասնակցի Սոֆիայի Վարկանշային Մրցաշարքին

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ յստակացան այն ըմբիշներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու վարկանշային միջազգային մրցաշարքին: Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էդուարդ Սահակեան նկատի առաւ հետեւեալ չորս մարզիկները. Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Արթուր Շահինեան (87 քկ) եւ Դաւիթ Օւասապեան (գերծանր կշիռ): Նշուեցաւ, որ...

Page 514 of 1279 1 … 513 514 515 … 1,279

Արխիւներ