Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա շատ հաւանաբար մօտիկ ապագային իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական «Մարքա» անուանի մարզաթերթը:
Նշուեցաւ, որ երկու կողմերը այժմու գործող պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգեն մինչեւ 2023:
Կ՛ակնկալուի, որ պայմանագրութիւնը ստորագրուի յառաջիկայ մէկուկէս ամսուան ընթացքին, այսինքն նախքան այս տարեշրջանի աւարտը:



