Երէկ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն 4 մրցումով կախակայեց սկովտիական Կլասքօ Ռէյնճըրզի անգլիացի յառաջապահ Քեմար Ռուֆը, որ բիրտ խաղարկութիւն մը ունեցած էր չեխական Սլաւիա Փրակայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Եուրոփա Լիկ»):
Սկովտիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին 62-րդ վայրկեանին ան ոտքով հարուածեց հիւր կազմին բերդապահին:
Այս միջադէպէն ետք, երկու ֆութպոլիստներ ալ հեռացած էին դաշտէն: Անգլիացին ստացած էր կարմիր քարտ մը, մինչ բերդապահ Օնտրժէյ Քոլարժ պատգարակով դուրս բերուած էր դաշտէն: