Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի ցուցաբերած կարեւոր օժանդակութեան, որպէսզի «Քորոնա» ժահրին դէմ 50 հազար պատուաստ գնուի:
Չինական «Սինովաք»-էն ձեռք բերուած այդ 50 հազար պատուաստը, նախատեսուած է Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլիստներուն համար, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին:
Կը նախատեսուի, որ այդ պատուաստէն բաժին հանուի նաեւ Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող 26 ակումբներու բոլոր ֆութպոլիստներուն:
Այս քայլին դիմելով` Մեսսի կը փափաքի, որ յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած վերոնշեալ մրցաշարքը դարձեալ չյետաձգուի: