Ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթավերջին Նէյմար համաձայն գտնուի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Նշուեցաւ, որ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2027:
Մայրաքաղաքի կազմին ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ պրազիլցիին պայմանագրութեան երկարաձումը յաւելեալ առիթ մը պիտի տայ անոր խմբակիցին` Քիլիան Մպափէին, որ նոյն քայլին հետեւի:
Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, Նէյմար համամիտ է մնալ Փարիզի մէջ, մանաւանդ որ անոր կազմը յաջողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը: