Պունտըսլիկայի կազմերէն Հերթա Պերլինի ամբողջ խումբն ու մարզիչներու կազմը մեկուսացումի մէջ են, խումբին մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու պատճառով, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ դրական պատասխան տուած են ակումբի գլխաւոր մարզիչ Փալ Տարտայի, անոր օգնականին, ինչպէս նաեւ քանի մը մարզիկներու քննութիւններուն արդիւնքները:
Գերմանական ակումբը ինքնամեկուսացումի մէջ պիտի մնայ մինչեւ 28 ապրիլ:
Ակումբը Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնէն խնդրեց յետաձգել Մայնցի, Ֆրայպուրկի եւ Շալքէի դէմ կատարուելիք մրցումները, ինչ որ ընդունուեցաւ անոր կողմէ:
Այդ յետաձգուած մրցումներուն գծով մօտիկ ապագային նոր թուականներ պիտի հրապարակուին: