«Թոքիօ-2020». Ֆութպոլի Մրցաշարքին Վիճակահանութեան Արդիւնքները
Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Պրազիլ եւ փոխախոյեան Գերմանիա ընդգրկուեցան Դ. խմբակին մէջ: Ողիմպիական խաղերու ֆութպոլի մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ 23 տարեկանէն վար ֆութպոլիստները: Խումբերուն մաս կրնան կազմել նաեւ 23 տարեկանէն վեր երեք ֆութպոլիստներ: Ստորեւ` տղոց ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը. Ա. խմբակ. Ճափոն, Հարաւային Ափրիկէ,...




















