Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Ուրարտու, որ հիւրընկալեց Փիւնիկը, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հիւր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի միջնապահ Հիկոր Լեիթէ, որ այսպիսով կոլի հեղինակ կը դառնայ` յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ Ուրարտու (16 մրցում), որ ունի 24 կէտ, կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ, մինչ Փիւնիկ (18 մրցում), ապահովելով տարեշրջանի իր 21-րդ կէտը, բարձրացաւ 7-րդ դիրք: