Մէկ օրուան ընթացքին ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ ֆութպոլին վիճակը այլեւս չմնաց առաջուան նման:
Եւրոպական «Սուփըր Լիկա»-ի ստեղծման մասին եւրոպական առաջնակարգ 12 ակումբներու յայտարարութիւնը եկաւ ցնցելու բոլորը, հակառակ անոր որ այսպիսի որոշում մը չկայացաւ մէկ օրուան ընթացքին:
Երկար բանակցութիւններու, քննարկումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ ակումբները կայացուցին այսպիսի խելահեղ, յեղափոխական որոշում մը:
Անոր ստեղծման մասին ոչ միայն արձագանգեցին մարզական աշխարհի ներկայացուցիչները, այլ նաեւ` քաղաքական գործիչներ:
Անգլիոյ վարչապետէն մինչեւ Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձան ֆութպոլի այս նոր մրցաշարքի ստեղծումին` իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնելով:
Վարչապետ Պորիս Ճոնսըն կանաչ լոյս տուաւ ֆութպոլի կառոյցներուն` գործնական քայլերու դիմելու համար:
Իսկ Էմմանուէլ Մաքրոն ողջունեց ֆրանսական ակումբներուն` «Սուփըր Լիկա»-ին չմիանալու որոշումը:
Քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ եւս իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին անոր ստեղծման` նշելով, որ անիկա միայն նիւթական շահ պիտի ապահովէ արդէն իսկ հարուստ ակումբներուն:
Իսկ «ԵՈՒ. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին անոր արձագանգելով ըսաւ, որ այն ֆութպոլիստները, որոնք «Սուփըր Լիկա»-ին պիտի մասնակցին, անոնց պիտի արգիլուի մասնակցիլ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն եւ ելոյթ ունենալ իրենց երկիրներու ազգային խումբերուն հետ:




