Երէկ` երեքշաբթի, 20 ապրիլին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուրիըրզ, որ հիւրը եղաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 107-96 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 49 կէտ, որոնց կարգին` տասը թրի փոյնթ:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, արձանագրեց 119-107 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց Ռասըլ Ուեսթպրուք (13 կէտ, 11 ռիպաունտ, 17 էսիսթ):
Պոսթընի մէջ, Սելթիքս, որ հիւրընկալեց Շիքակօ Պուլզը անկէ կրեց 102-96 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Սելթիքսէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյսըն Թաթում (14 կէտ, 13 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):



