Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, Ռիատի, որ հիւրընկալեց Պիպլոսը, անոր դէմ արձանագրեց 121-48 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռիատիէն Մարք Խուրի նշանակեց 26 կէտ:
Իսկ Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, արձանագրեց 83-68 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Ժոզեֆ Շարթունի նշանակեց 22 կէտ, մինչ Մութթահետէն Իպրահիմ Հատտատ` 21 կէտ:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Սաժես ժամը 18:30-ին կը հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն:



