Մարզական

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան Հանդիսացաւ  Եւրոպայի Ախոյեան

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի յառաջատար մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան շաբաթ, 24 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին օրը, հպարտութեան առիթ մը տուաւ հայ ժողովուրդին` հանդիսանալով Եւրոպայի ախոյեան: Արդարեւ, զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան նժոյգի մրցումներուն, Մինսք-2019-ի եւրոպական խաղերու ախոյեանը ոսկի մետալի տիրացաւ, ապահովելով 14.266 կէտ: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` 18 տարեկան Գագիկ Խաչիկեան, ապահովելով 14.033 կէտ, գրաւեց չորրորդ դիրքը: Նշենք, որ...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Մալխաս Ամոյեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Մալխաս Ամոյեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ռուդիկ Մկրտչեան Եւ Սլաւիկ Գալստեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 72 քկ դասակարգին մէջ, 2020-ի աշխարհի անհատական բաժակի մրցաշարքի փոխախոյեան հանդիսացած Մալխաս Ամոյեան, որ աւարտականին գծով իր կատարած ճակատումին մրցեցաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, վրացի Շմակի Պոլկվածէի դէմ` 4-1 արդիւնքով պարտուելով բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով: 2018-ին աշխարհի եւ 2019-ին Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած Մալխաս Ամոյեան...

Փիւնիկի Ֆութպոլիստներն  Ու Պատասխանատուները  Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Փիւնիկի Ֆութպոլիստներն Ու Պատասխանատուները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Փիւնիկ Երեւանի անձնակազմը, ֆութպոլիստներն ու պատասխանատուները, ակումբի սեփականատէր Արթուր Սողոմոնեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին: Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցն էր: Նշենք, որ հայկական այլ ակումբներու ֆութպոլիստներ ալ, որոնց կարգին` Ուրարտու Երեւանի եւ Նոայի մարզիկներ, իրենց կարգին յարգեցին Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:  

Ռումանացի Համակիրները Յարգեցին Հայոց  Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Ռումանացի Համակիրները Յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ռումանիոյ մէջ գործող «Իւնիթի Սապ Թրիքալըր» համակիրներու շարժումին ներկայացուցիչները յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին: Դիմատետրի իր էջին մէջ վերոնշեալ շարժումը հրապարակեց լուսանկար մը, որուն վրայ գրուած էր «Ռեքոկնայզ Տը Արմինիըն Ճենըսայտ»:  

Ճատրակ.  Մանուէլ Պետրոսեան Յաղթական`  Առցանց Մրցաշարքին

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան Յաղթական` Առցանց Մրցաշարքին

Հայրենի կրանտմասթըր Մանուէլ Պետրոսեանի յաղթանակով աւարտեցաւ «ՓԻ. ԷՆ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՍԻ. ՍԻ.-Օնլայն Սուփըր» ճատրակի առցանց մրցաշարքը: Պետրոսեան տիտղոսակիր դարձաւ` առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովելով 4,5 կէտ: Անոր նման թէեւ երկու ուրիշներ ալ ապահովեցին 4,5-ական կէտ, սակայն հայրենի կրանտմասթըրը առաւելութեան հասաւ` լրացուցիչ կէտերու շնորհիւ: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն, Սամուէլ Տէր Սահակեան գրաւեց 8-րդ դիրքը, իսկ Արման Մելիքեան` 10-րդ դիրքը:

Եուվենթուս Հետաքրքրուած`  Մխիթարեանով

Եուվենթուս Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Եուվենթուս մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Եուվենթուս արդէն իսկ սկսած է իր բանակցութիւններուն Մխիթարեանի ներկայացուցիչին հետ, սակայն հայրենի ֆութպոլիստը իր ապագային գծով ցարդ ոչինչ կը յայտնէ: Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ ամառ, եւ այժմ ան կրնայ բանակցիլ իր նախասիրած խումբին...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի  Բաժակի Մրցաշարք.  Մանչեսթըր Սիթի Տիտղոսակիր`  Յաջորդաբար Չորրորդ Տարին Ըլլալով

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի Տիտղոսակիր` Յաջորդաբար Չորրորդ Տարին Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Թոթենհամ: Մրցումը աւարտեցաւ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին` Մանչեսթըր Սիթիի յաղթանակով. անիկա նուազագոյն հաշուով յաղթեց իր մրցակիցին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Այմերիք Լափորթ` 82-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, Մանչեսթըր Սիթի յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Նշենք, որ 50 տարեկան...

Ըստ Ոչ Պաշտօնական  Տեղեկութիւններու. ` Ֆոնսեքա Որոշեց Հեռանալ  Ա. Էս. Ռոմայէն

Ըստ Ոչ Պաշտօնական Տեղեկութիւններու. ` Ֆոնսեքա Որոշեց Հեռանալ Ա. Էս. Ռոմայէն

Իտալական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքա որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին հեռանալ իր ակումբէն: «Քալչիօ մերքաթօ» կը հաղորդէ, որ Ֆոնսեքա անձամբ այս որոշումին պիտի յանգէր, նոյնիսկ եթէ անոր այժմու գլխաւորած կազմը տիրանայ «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին: Վերոնշեալ մրցաշարքին անոր կազմը կիսաւարտականին պիտի մրցի անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ: Սակայն նշուեցաւ, որ մարզիչին կողմէ ցարդ յայտարարութիւն մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ` 47-81

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ` 47-81

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պէյրութի յաղթանակով, 81-47 արդիւնքով: Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ մրցումին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ապրիլեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ Ժաք Պոյաճեանի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  «Նետիմ Սուէյտ» Ակադեմիայի  Տարիքային Զտումի Մրցումներ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Նետիմ Սուէյտ» Ակադեմիայի Տարիքային Զտումի Մրցումներ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հաւանութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «Նետիմ Սուէյտ» ակադեմիան Լուէյզի վարժարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ) հիւրընկալեց թրի փոյնթի եւ ցուցադրական ներկայացումներու զտումի մրցումները` տարբեր դասակարգերու մէջ: Տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներ: Իւրաքանչիւր դասակարգի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսը: Մրցումներու աւարտին «Նետիմ Սուէյտ» ակադեմիան շնորհակալութիւն...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան` Սերպիոյ  Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան` Սերպիոյ Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Հայկ Մարտիրոսեան դարձաւ Սերպիոյ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսակիր: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով առանձինն գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով ոսկի մետալին: 7 կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգսեան: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Պոսնիոյ ներկայացուցիչը: Սերպիոյ այս միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը ճատրակ խաղացողներ:

Պենզեմա Գերազանցեց  Ռոնալտոյի Մրցանիշը

Պենզեմա Գերազանցեց Ռոնալտոյի Մրցանիշը

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Քատիսի դէմ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 31-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին տուպլէ մը իրագործեց, Լիոնել Մեսսիէն, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքիէն ետք դարձաւ չորրորդ ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով նուազագոյնը 20 կոլ կը նշանակէ Եւրոպայի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն ընթացքին: Այս մրցումին 33 տարեկան Պենզեմա, որ էսիսթի հեղինակ ալ...

Իրանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի  Յառաջապահը Կրնայ Դառնալ  Մխիթարեանի Խմբակից

Իրանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Յառաջապահը Կրնայ Դառնալ Մխիթարեանի Խմբակից

Ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի յառաջապահ Սերտար Ազմունով հետաքրքրուած են իտալական եւ եւրոպական քանի մը ակումբներ, այս գծով երէկ յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ ներկայիս 26 տարեկան իրանցի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած են Ա. Էս. Ռոմա եւ Աթալանթա: Կը խօսուի նաեւ Նափոլիի, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Սեւիլլայի մասին: Եթէ պատահի, որ ան միանայ Ա. Էս. Ռոմային, ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հենրիխ...

Լեւանտովսքի Ապաքինած`  Իր Ստացած Վնասուածքէն

Լեւանտովսքի Ապաքինած` Իր Ստացած Վնասուածքէն

Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ապաքինեցաւ իր ստացած վնասուածքէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան իր խմբակիցներուն հետ երէկ կատարեց իր սովորական փորձերը: Նշենք, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը ծունկի վնասուածք ստացած էր նախորդ մարտի վերջը:

Սուարեզ Պատրաստ` Աթլեթիքօ Մատրիտի  Կատարելիք Յաջորդ Մրցումին

Սուարեզ Պատրաստ` Աթլեթիքօ Մատրիտի Կատարելիք Յաջորդ Մրցումին

Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ` Լուիս Սուարեզ, ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, կազմ ու պատրաստ է իր կազմին կատարելիք յաջորդ մրցումին: 34 տարեկան ֆութպոլիստը մկանային վնասուածքի պատճառով բացակայեցաւ իր կազմին կատարած վերջին մրցումներէն: Նշենք, որ ուրուկուէյցին այս տարեշրջանին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն կատարեց 32 մրցում եւ նշանակեց 19 կոլ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ` 72-123

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ` 72-123

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ հանդիպումը: Վերջին տարիներուն, նախքան «Քորոնա» ժահրին ի յայտ գալը, երկու կազմերուն միջեւ կատարուած այս ճակատումները միշտ ալ կ՛ըլլային տարեշրջանի զօրաւորագոյն ճակատումներէն մէկը: Այս տարեշրջանին, սակայն, անիկա արդէն իսկ մնացած է շուքի մէջ` նկատի...

ՀՄԸՄ-ի Նուաճումները` Ֆետերասիոններուն Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը կը մրցի Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին: Նշենք, որ նոյն ժամուն, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, Մթայլեպ կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ: Աղջկանց տարեշրջանի բացման մրցումին,...

Հայրենի Հինգ Մարմնամարզիկներ  Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայրենի Հինգ Մարմնամարզիկներ Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլին սկսաւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Այս ախոյեանութեան Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչներն են Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան եւ Արմէն Պետրոսեան: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան, Էլֆիկ Նազարեանի հետ պիտի ըլլայ իրաւարարներու կազմին մէջ: Խումբը Պալի մէջ պիտի գլխաւորէ մարզիչ Հայկ Նազարեան:...

Էդուարդ Մարկարով Այցելեց  Ուրարտուի Ակադեմիա

Էդուարդ Մարկարով Այցելեց Ուրարտուի Ակադեմիա

Հայկական ֆութպոլի եւ «Արարատ-73»-ի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Էդուարդ Մարկարով այցելեց Ուրարտուի ֆութպոլի ակումբի ակադեմիան, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով կատարուած Ուրարտու-Փիւնիկ մրցումէն առաջ: Մինչեւ մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Էդուարդ Մարկարով շրջագայեցաւ Ուրարտուի ակադեմիային մէջ, ծանօթացաւ Ուրարտուի աղջկանց ֆութպոլի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական զրոյց ունեցաւ Ուրարտուի ֆութպոլի գլխաւոր...

Նետերլանտներու Դեսպանը Այցելեց  Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիա

Նետերլանտներու Դեսպանը Այցելեց Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիա

Հայաստանի մէջ գտնուող Նետերլանտներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Նիքոլաս Սխերմերս այցելեց Հայաստանի ճատրակի ակադեմիա, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակադեմիայի հիմնադիր տնօրէն Սմբատ Լպուտեան դեսպանին ներկայացուց ակադեմիային գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հետ խօսեցաւ ճատրակի վերաբերեալ ընդհանուր նիւթերու շուրջ: Դեսպանը հետեւեցաւ ակադեմիային մէջ ընթացող Հայաստանի պատանիներու եւ աղջիկներու ախոյեանութեան մրցումներուն: Աւարտին քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Page 512 of 1279 1 … 511 512 513 … 1,279

Արխիւներ