Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Անդրէասեան (70 քկ) չյաջողեցաւ ապահովել Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ երէկ սկսած Եւրոպայի ըմբշամարտի ազատ ոճի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, հայրենի ըմբիշը կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրեց ռուս Իսրայիլ Քասումովէն` 5-3 արդիւնքով:
Նշենք, որ Անդրէասեան, որ քառորդ աւարտականին յաղթած էր իր լեհ մրցակիցին, այժմ պիտի պայքարի պրոնզ մետալին համար:
Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը, Հայաստան ունէր նաեւ երկու ներկայացուցիչ` Գէորգ Թադէոսեան (65 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ):
Աւագեան իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու քառորդ աւարտականի մրցումին:
Այսօր իր ելոյթներուն կը սկսի Հրայր Ալիխանեան (74 քկ):
Մարզպետ Գալստեան (92 քկ) ծունկի վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի Եւրոպայի ախոյեանութենէն:



