Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
22 տարեկան ուրուկուէյցին 17 ապրիլէն ի վեր ինքնամեկուսացած է:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 28 մրցում` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով էսիսթ մը: