Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շալքէ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Արմինիա Պիլըֆելտի դաշտին վրայ, հրաժեշտ տուաւ «Պունտըսլիկա»-ին:
Շալքէ այժմ միայն 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ ու վերջին դիրքը եւ ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ 13 կէտով ետ կը մնայ յաջորդաբար 16-րդ եւ 17-րդ դիրքերուն վրայ գտնուող Հերթա Պերլինէն եւ Քէօլնէն:
Անիկա այսպիսով 33 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հրաժեշտ կու տայ «Պունտըսլիկա»-ին:
Վերջին անգամ ան «Պունտըսլիկա»-էն դուրս մնացած էր 1987-1988 տարեշրջանին: