Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց «Սքայ-Սփորթց»-ը:
Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը նախնական համաձայնութեան մը եկած է արքայական ակումբին հետ եւ մինչեւ 2026-ի ամառ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ սպանական ակումբին հետ: Կ՛ակնկալուի, որ կողմերը առաւելագոյնը այս շաբաթավերջին պայմանագիր մը կնքեն իրարու հետ:
Ալապա նախորդ ձմրան ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ Պայէրնէն:
Ան 2010-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ «Պունտըսլիկա»-ի կազմին հետ:



