Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին հետ հանդիսացաւ էսիսթի հեղինակ:
Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոր կազմը` Ասթանա, որ մրցեցաւ Քիզիլ Ժարի դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Բարսեղեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, 67-րդ վայրկեանին էսիսթի հեղինակ դարձաւ:
Այս հանգրուանէն ետք Ասթանա այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: