Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող խումբերէն Թոթենհամ երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ակումբը պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիոն:
Փորթուգալցիին հետ իրենց պաշտօնը կորսնցուցին նաեւ անոր օգնականները, նշեց լոնտոնեան ակումբը:
58 տարեկան Մուրինիօ ակումբին մարզիչ նշանակուեցաւ նոյեմբեր 2019-ին:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը:
Նշուեցաւ, որ անոր պաշտօնազրկումին պատճառը այն է, որ ան երէկ իր մարզիկներուն արգիլեց փորձերուն մասնակցիլ, այսպիսով իր դժգոհութիւնը յայտնելով Թոթենհամին «Սուփըր Լիկա»-ին միանալուն: