Նախորդ շաբաթավերջին, նետերլանտներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Այաքս Ամսթերտամ քիչ մը դժուար բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:
Այաքս Ամսթերտամ, որ մրցեցաւ Վիթես Առնհեմի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ այսպիսով 20-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Անոր յաղթանակի կոլը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+1-րդ) նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Տաւիտ Ներես:
Մրցումին առաջին երկու կոլերը նշանակուեցան Ա. կիսախաղին: