Լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Ռայըն Մէյսըն` փոխարինելով Ժոզէ Մուրինիոն, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
29 տարեկան նախկին ֆութպոլիստը Թոթենհամը պիտի գլխաւորէ մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը: Նշուեցաւ, որ ան 2018-էն ի վեր կ՛աշխատի Թոթենհամի ակադեմիային մէջ:
Նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչի օգնականներ նշանակուեցան Քրիս Փաուըլ եւ Նայճըլ Կիպզ, մինչ Մայքըլ Ուորմ նշանակուեցաւ բերդապահներու մարզիչ:
Ըստ անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ին, լոնտոնեան ակումբը յառաջիկայ տարեշրջանին գծով կը քննարկէ շարք մը թեկնածուներու անունները, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ ակումբին նոր գլխաւոր մարզիչը:
Հակառակ իր պաշտօնը կորսնցնելուն, Մուրինիօ Թոթենհամէն պիտի ստանայ 15 միլիոն սթերլինկ` նկատի ունենալով, որ անոր ակումբը անոր հետ ստորագրած պայմանագրութիւնը ժամանակէն առաջ խզեց:



