«Եուրոսթավքա» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ռուսական Տինամօ Մոսկուա ֆութպոլի ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ակումբին մաս կազմող միջնապահ Արսէն Զախարեանի հետ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, անոր նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2024-ի ամառը:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստին աշխատավարձը բարձրանալով պիտի հասնի մինչեւ ամսական 35 հազար եւրոյի, ինչպէս նաեւ ան յատուկ պարգեւավճարներէն (պոնիւս) պիտի գանձէ 800 հազար եւրօ:
17 տարեկան Զախարեան, որ Տինամոյի սան է, մաս կը կազմէ նաեւ Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականին:



