Սաժես 108-72 Արդիւնքով
Յաղթեց Անիպալ Զահլէին
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Անիպալ Զահլէն:
Այս մրցումը աւարտեցաւ կանաչներուն մեծ յաղթանակով` 108-72 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Մայք Հատտատ նշանակեց 22 կէտ:
Նշենք, որ ասիկա Անիպալ Զահլէին համար եղաւ յաջորդական 6-րդ պարտութիւնը:



