Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի սուսերամարտի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւններուն Հայաստան ունեցաւ հինգ ներկայացուցիչ:
Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս եկան Գրիգոր Պապոյեան, Այտա Ալոյեան, Յովհաննէս Մուրատեան, Գագիկ Դաւթեան եւ Ալիկ Նաւասարդեան:
Հայրենի մարզիկները` գլխաւոր մարզիչ Արմէն Նաւասարդեանի ղեկավարութեամբ, յաղթահարեցին նախնական հանգրուանի արգելքը եւ 64 զօրաւորագոյն կազմերուն հետ անցան յաջորդ հանգրուան:
Անոնք այդ հանգրուանէն աւելի չկրցան անցնիլ եւ ողիմպիական օրէնքին համաձայն դուրս մնացին հետագայ պայքարէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը: