Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արման Անդրէասեան երէկ դարձաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 70 քկ դասակարգի մրցումներուն, պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին հայրենի ըմբիշը, որ մրցեցաւ Միխայիլ Սաւայի (Մոլտովա) դէմ, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոր կատարած այս ճակատումէն կարճ ժամանակ ետք, իր կարգին պրոնզէ մետալի համար իր մղած պայքարին Արման Աւագեան (79 քկ), որ մրցեցաւ վրացի Նիքա Քենթչածէի դէմ, կրեց 10-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 5 մարզիկով:



