Իտալական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքա որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին հեռանալ իր ակումբէն:
«Քալչիօ մերքաթօ» կը հաղորդէ, որ Ֆոնսեքա անձամբ այս որոշումին պիտի յանգէր, նոյնիսկ եթէ անոր այժմու գլխաւորած կազմը տիրանայ «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին:
Վերոնշեալ մրցաշարքին անոր կազմը կիսաւարտականին պիտի մրցի անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ:
Սակայն նշուեցաւ, որ մարզիչին կողմէ ցարդ յայտարարութիւն մը չհրապարակուեցաւ իր ակումբէն հրաժարելու առնչութեամբ:
Նշենք, որ Ա. Էս. Ռոմային մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: