Հայկական ֆութպոլի եւ «Արարատ-73»-ի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Էդուարդ Մարկարով այցելեց Ուրարտուի ֆութպոլի ակումբի ակադեմիան, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով կատարուած Ուրարտու-Փիւնիկ մրցումէն առաջ:
Մինչեւ մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Էդուարդ Մարկարով շրջագայեցաւ Ուրարտուի ակադեմիային մէջ, ծանօթացաւ Ուրարտուի աղջկանց ֆութպոլի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական զրոյց ունեցաւ Ուրարտուի ֆութպոլի գլխաւոր խումբի մարզիչներու անձնակազմին հետ:



