
Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ապաքինեցաւ իր ստացած վնասուածքէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իր խմբակիցներուն հետ երէկ կատարեց իր սովորական փորձերը:
Նշենք, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը ծունկի վնասուածք ստացած էր նախորդ մարտի վերջը: