Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Քատիսի դէմ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 31-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին տուպլէ մը իրագործեց, Լիոնել Մեսսիէն, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքիէն ետք դարձաւ չորրորդ ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով նուազագոյնը 20 կոլ կը նշանակէ Եւրոպայի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
Այս մրցումին 33 տարեկան Պենզեմա, որ էսիսթի հեղինակ ալ դարձաւ, նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Ան Ռէալի հետ «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն իր 88-րդ էսիսթը կատարելով գերազանցեց ակումբի նախկին ֆութպոլիստին` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշը. վերջինս նախապէս կատարած էր 87 էսիսթ: