Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ռումանիոյ մէջ գործող «Իւնիթի Սապ Թրիքալըր» համակիրներու շարժումին ներկայացուցիչները յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին:
Դիմատետրի իր էջին մէջ վերոնշեալ շարժումը հրապարակեց լուսանկար մը, որուն վրայ գրուած էր «Ռեքոկնայզ Տը Արմինիըն Ճենըսայտ»: